2016-11-25 13:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 25 նոյեմբերի քարոզը`''Սատանան խաբեբայ է եւ մեր անկումը կ՝ուզէ''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Տիրոջմէ հեռանալու ընտրանքը, յաւիտենական դատապարտում է''   ըսաւ Սրբազան Հայրը զգուշացնելով, սատանային հետ երկխօսութիւն կատարելէ , որ հրապուրող եւ խաբեբայ է.  ապա յորդորեց հեզ սրտով մօտենալ Տիրոջ՝ վերջին հանդիպումին ,  դատաստանին վերջին օրը։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ուրբաթ, 25 նոյեմբերին , Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը՝  քաղուած Յովհաննէս Աւետարանիչի յայտնութեան գիրքէն, ուր կը խօսուի վերջին դատաստանի մասին,  Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց­ թէ ­ վերջին դատաստանին օրը,  առաջին դատապարտուողը  պիտի ըլլայ հրէշը,  հին օձը , որ է սատանան , ան ստախօսը , ստախօսութեան հայրն ու խաբեբան եւ անորմէ չի խաբուելու համար Սրբազան Հայրը խրատեց  երբեք՝  չխօսիլ սաանայի հետ ու  յիշեց Յիսուսի ուսուցումը որ անապատին մէջ սատանան վտարեց , եւ երբեք անոր  հետ երկխօսութիւն չի հաստատեց  անոր յատուկ խօսքերով,  այլ՝ անորմէ պաշտպանուեցաւ Աստուծոյ խօսքերով` Սուրբ Գիրքի խօսքերով։

Ուստի՝  նշեց  Ֆրանչիսկոս Պապը, պէտք չէ երբեք խօսիլ սատանային, ստախօսին, խաբեբային հետ­ աւեցնելով­  թէ անիկա մեր անկումին պատճառ կը դառնայ, պէտք է,  որ սատանան գլորենք անդունդին մէջ .

Ակնարկելով յայտնութեան գիրքին մէջ յիշուած մարտիրոսներու, ու հեզ հոգիներու մասին,  Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ,  որ ասոնք վկայեցին Յիսուս Քրիստոսը  եւ ատեցին սատան ու անոր հետեւորդները՝  դրամի, ունայնութեան , աշխարհիկութեան  համար իրենց կեանքը տուող անձերը։

Եզրափակելով իր քարոզը Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ , թէ ՝՝Տէրը, փոքրիկներն ու մեծերը պիտի դատէ իրենց գործերուն համաձայն, դատապարտեալները պիտի նետուին անմար բոցին մէջ եւ  ուր կ՛ապրին  երկրորդ մահ,  աւեցնելով, թէ  յաւիետենաական դատապարտումը ոչ միայն տանջանքի սենեակն է այլեւ երկրորդ մահուան նկարագրութիւնը։  Անոնք, որ պիտի չ՝ընդունուին Աստուծոյ արքայութեան մէջ­ անոնք են­, որոնք  իրենց կեանքի ընթացքին չի մօտեցան Յիսուսին։ Անոնք են  որ միշտ իրենց սեփական ուղղին վրայէն քալեցին ՝հեռանալով Տիրոջմէ ՝՝. ըսաւ Սբրազան Հայրը հաստատելով թէ յաւիտենական դատապարտումը , Աստուծմէ շարունակ հեռանալն է,  երջանկութիւն տուող Աստուծմէ­ որ մեզ շատ կը սիրէ։

Քարոզի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց ­  որ մեր սիրտերը հետութեամբ բանանք Յիսուսին

՝՝Եթէ մեր սրտերը բանանանք Յիսուսին,  ինչպէս Ան խնդրեց մեզմէ , եւ չ՝ընթանանք մեր ուղիին վրայէն, այն ժամանակ մենք ուրախութիւն պիտի զգանք եւ պիտի փրկուինք ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու  խրախուսեց Թոյլ տալ շօշափուելու եւ ներում ստանալու Յիսուսի կողմանէ, առանց հպարտութեան այլ միշտ Իրեն հանդիպելու յոյսով՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.